2017-05-15 09:35:00

Թրամփ կոչ կ՛ուղղէ` Փիմոնկեանկին դէմ աւելի ուժեղ պատժամիջոցներ հաստատելու


Ամերիկեան բանակը յայտարարեց, որ Հիւսիսային Քորէա շաբաթ գիշեր արձակած է հրթիռ մը, որ ինկած է Ճափոնի ծովուն մէջ: Բանակը նշեց, որ հրթիռին հասողութիւնը չի համապատասխաներ բալիսդրական միջցամաքային հրթիռի եւ վտանգ չի ներկայացներ Հիւսիսային Ամերիկայի:

Ճափոն եւ Հարաւային Քորէա յայտարարեցին, որ նշեալ հրթիռը 30 վայրկեան տեւող իր թռիչքին ընթացքին կտրած է շուրջ 700 քիլոմեթր: Հրթիռը արձակուած է մայրաքաղաք Փիոնկեանկէն հիւսիս արեւելք գտնուող Քոսնոնկ ռազմակայանէն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կոչ ուղղեց` Հիւսիսային Քորէային դէմ աւելի ուժեղ պատժամիջոցներ հաստատելու: Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, յայտնեց. «Հիւսիսային Քորէայի վերջին սադրիչ արարքը պէտք է բոլոր երկիրներուն իբրեւ կոչ ծառայէ` անոր դէմ աւելի ուժեղ պատժամիջոցներ հաստատելու»:

Քրեմլին իր կարգին յայտարարեց, որ Ռուսիա եւ Չինաստան մտահոգ են Փիոնկեանկի կողմէ հրթիռարձակումէն եւ ՄԱԿ-ի որոշումներու ոտնահարումէն ետք Քորէական թերակղզիին վրայ լարուածութեան աճէն:

Փեսքով յայտնեց, որ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինկ Փինկ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վերջինիս Փեքին այցելութեան ծիրին մէջ «Քորէական թերակղզիին մէջ տիրող կացութիւնը քննարկեցին մանրամասնօրէն եւ արտայայտեցին լարուածութեան աճին նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնը»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Չինաստան կը բողոքէ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումի ոտնահարման դէմ»` աւելցնելով, որ բոլոր կողմերը պէտք է դիմեն ինքնազսպումի եւ կանխարգիլեն լարուածութեան աճը:








All the contents on this site are copyrighted ©.